Ամանորի Հաւաքոյթ

This page is not yet available in this language.

«Մեր հայ ժողովուրդը սովորութիւն ունի կաղանդը տօնելու եւ նոր տարին դիմաւորելու ընտանեկան յարկերու տակ՝ ջերմ եւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ: Մենք ալ հիմա հաւաքուած ենք հոս, մեր տան մէջ, ԼՕԽ-ի հարազատ ընտանիքի տան մէջ, վայելելու ամանորեան ուրախութիւնը՝ նախընտրելով մեր ակումբի սրահը, քան այլոց ճաշարանները»:

Այս գեղեցիկ եւ պատշաճ խօսքերով, «Ռուբինա» մասնաճիւղի (Նորաշէն) ատենապետուհին` ընկհ. Արշօ Մկրտիչեան, բացումը կատարեց Ամանորի հաւաքոյթին՝ կազմակերպուած մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ, որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 10 Դեկտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ :

Սրահը նեղ կու գար ներկաներուն. ներկայ էր Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սանդուխտ Հերկելեան, «Ռուբէն» կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարալ Պաղտասարեան, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ, հիւրեր եւ ընկերուհիներ: Ներկաները մուտքին ստացան Նոր Տարին խորհրդանշող մոմեր:

Բացման խօսքէն ետք, ատենապետուհին հրաւիրեց օրուան հիւր երգիչը՝ Պերճ Թաթարեանը, որ գաւառական եւ ազգայնաշունչ երգերով բարձր տրամադրութիւն ստեղծեց սրահին մէջ:

Մինչ ներկաները կը ճաշակէին հրամցուած համեղ ճաշերը, կաղանդ մամային ներս ժամանումը յաւելեալ փայլք տուաւ ստեղծուած ուրախ մթնոլորտին: Իւրաքանչիւրը ստացաւ չիրի տոպրակ մը՝ պատրաստուած վարչութեան կողմէ:

Աւարտին տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն եւ եղան նուիրատուութիւններ: