Ուրբաթ, 30 Դեկտեմբեր 2016-ին, ԼՕԽ-ի «Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեան» կազդուրման կայանի ու «Նարօտ Արտալճեան» գդադարանի փոքրիկները «Արաքսի Պուլղուրճեան կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ Նոր Տարի տօնեցին: Ձեռնարկը իրականացաւ շնորհիւ տիար Անդրանիկ Պալճեանի եւ որդիներուն կատարած եզակի նուիրատուութեան:
Փոքրիկները երգեցին ու Կաղանդ Պապուկին հետ պարեցին: Ապա գեղեցիկ նուէրներով եւ ուտեստեղէնի ու միրգերու ծրարներով մեկնեցան իրենց տուները:
Վարձքը կատար նուիրատուին:









