ԼՕԽ-ի “ Ա. Ազիրեան” մասնաճիւղի «Աշնանային Ձեռնարկ»ը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի 4 Նոյեմբեր 2014-ին, Ազիրեան ակումբի «Ատուր Գապաքեան» սրահէն ներս։
Մասնաճիւղի ատենապետուհին կատարեց ձեռնարկին բացումը, ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն մասնակցութեան։
Հայկական երաժշտութեամբ ներկաներուն տրամադրութիւնը բարձրացուց Սեդօ Պաղտասարեան։
Վիճակահանութենէն ետք ընկերուհիները ուրախ տրամադրութեամբ մեկնեցան։

