Աւանդական Կաղանդի Ձեռնարկ

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽի «Պէյթ Գօգօ« շրջանի «Գայեանէ» մասնաճիւղի աւանդական կաղանդի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի 11 Դեկտեմբեր 2014- ին, առաւօտեան ժամը 11:00 -էն սկսեալ «Քարքէթըլ Հաժ» ճաշարանին մէջ։ Ներկայ էր Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարօ Սալխանեան եւ մեծ թիւով ընկերուհիներ, ինչպէս նաեւ քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ:

   Ձեռնարկին արտասանուեցան խօսքեր, նիւթ ունենալով ցեղասպանութեան 100-ամեակը։ Յատկանշական էր «անմոռուկ ծաղիկ»ի 100-ամեակի նշանակի օրինակով պատրաստուած կրծքազարդերը։

Պրն. Գառնօ Սիմոնեան «սաքսոՖոն» նուագելով խանդավառեց մթնոլորտը։