Հովանաւորութեամբ ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան , կազմակերպութեամբ՝ «Կարինէ» մասնաճիւղի վարչութեան եւ հիւրասիրութեամբ՝ «Ժպիտ» խմբակին , Շաբաթ, 14 Մայիս 2016-ին , տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի հիմնադրութեան 60-ամեակի առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս, երկրորդ ձեռնարկը, որ իւրայատուկ էր իր տեսակով եւ իմաստով:
Ձեռնարկին ներկայ էին Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիրուն Վարդապետեանը, մասնաճիւղի վարչական ընկերուհիները եւ 60 փոքրիկներ:
Վարչութիւնը մտայղացած էր , 60 Ամեակ ....60 Փոքրիկներ հրաւիրել խրախճանքի մը, փոխանցել անոնց ԼՕԽ-ի գործունէութեան լայնածաւալ դաշտը, խաչուհիին առաքելութիւնը եւ փոքրերու հանդէպ անոր ցուցաբերած յատուկ գուրգուրանքը....
Առաւօտեան ժամը 10:00-ին ծնողները ժամանած էին «Սողոմոն Թէհլիրեան» ակումբ, իրենց զաւակները յանձնելու վարչական ընկերուհիներուն հսկողութեան, որպէսզի հանրակառքերով ուղղուին դէպի «MC Donalds» ճաշարանը: Շուրջ երեք ժամ տեւողութեամբ ,Ամանոս շրջանի 60 փոքրիկները ապրեցան ուրախ եւ շատ հաճելի ժամեր.... խաղացին, երգեցին , պարեցին , հիւրասիրուեցան եւ զուարճացան, մանաւանդ երբ անոնց դէմքերը գծագրուեցան գունաւոր ներկերով:
Աւարտին, փոքրիկներուն բաժնուեցաւ մասնաճիւղի հիմնադրութեան 60-ամեակի առիթով պատրաստուած գրքոյկէն , որպէսզի իրենց հետ տանին տուն :
Յիշատակի նկարներ առնելէն ետք, անոնք մեծ ուրախութեամբ եւ սրտի անհուն գոհունակութեամբ վերադարձան իրենց բնակարանները, պատմելու իրենց ծնողներուն, թէ՝ «ԼՕԽ-ը իսկապէս բարեսիրական , մարդասիրական եւ փոքրիկները ուրախացնող իւրայատուկ կազմակերպութիւն մըն է» ։

























