News & Events

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 128 ամեակ

ՀՅԴ 128-ամեակին առիթով ` կիրակի, 9 դեկտեմբեր 2018-ին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան ՀՅԴ պանթէոնին դիմաց ՀՅ Դաշնակցութեան նահատակուած եւ մահացած ընկերներու յիշատակին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որուն նախագահեց Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան: Հոգեհանգստեան արարողութեան յաջորդեց ծաղկեպսակներու զետեղում: Ծաղկեպսակներ զետեղեցին ՀՅԴ ԼԵՄ եւ ԶՈՄ, ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւնները, Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնները եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն:

Share:

Tags: Law, Juggement, lawyer, Cases