News & Events

Լ.Օ.Խ.-ի Ձեռարուեստի Յանձնախումբի Հայկական Ձեռագործներու Ցուցահանդէսը

Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած եւ հայկական մշակոյթով հարուստ հայ ժողովուրդի զաւակները սփիւռքի մէջ իրենց գոյատեւման պայքարը չեն սահմանափակած լոկ դպրոցներ, եկեղեցիներ եւ ակումբներ հիմնելով: Հայկական գաւառներու մշակոյթն ու արուեստը, բարքերը, նկարագիրը, մէկ խօսքով` մեր պապենական ազգային ժառանգութիւնը վառ պահուած են հայ ժողովուրդի յիշողութեան մէջ: Արդ, այստեղ առանձնակի դեր վերապահուած է կնոջական իւրայատուկ կազմակերպութեան մը` Լիբանանահայ օգնութեան խաչին, որ գիտակից իր առաքելութեան, հայկական արուեստը, այս պարագային` ասեղնագործութիւնը վառ պահելու եւ շրջապատին ծանօթացնելու միտումով հիմնած է արհեստանոց եւ ձեռարուեստի կեդրոն Պուրճ Համուտի մէջ, եւ այդ կեդրոնին կողքին յառաջացուցած է նաեւ ձեռարուեստի յանձնախումբ: Անոնք տքնաջան եւ բծախնդիր աշխատանքով մեր պապերէն հասած ժառանգութիւնը կը ներկայացնեն հանրութեան ձեռարուեստի կեդրոնին մէջ, կամ տարեկան ցուցահանդէսի ընթացքին` հիմք պահելով իսկական ասեղը, նոր գոյներ ներմուծելով: Այս ձեւով արդիականութեան հետ քայլ պահելով եւ հինին ու նորին միաձուլումով հանդէս կու գան հայկական ասեղնագործութեան արդի տարբերակները:

Լ.Օ.Խ.-ի Ձեռարուեստի Յանձնախումբը` հաւատարիմ իր աւանդութեան, այս տարի եւս հանրութեան ներկայացաւ հայկական արուեստի հարուստ ժառանգութեան եւ մասնաւորաբար հայկական ձեռագործներու ցուցահանդէսով, նշանաբան ունենալով «Հայկական ձեռագործներուն սերունդէ սերունդ փոխանցման ուղիով» կարգախօսը: Ցուցահանդէսի բացումը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 29 նոյեմբեր 2018-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, Ժէլ էլ Տիպի քաղաքապետարանի հանրային պարտէզի ապակեայ սրահին մէջ` հովանաւորութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան եւ նախագահութեամբ Ռեբեկա Կէօզիւպէօյիւքեանի:

Բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի ներկայացուցիչ` Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան, Մեթնի գաւառապետ Մարլեն Հատտատ, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վեքիլեան, Ժէլ էլ Տիպի քաղաքապետ Ռեմոն Աթիէ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի ներկայացուցիչ` փոխքաղաքապետ Մարտիկ Արսլանեան, Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային վարչութեան լրիւ կազմը եւ արուեստասէր զանգուած մը:

Ցուցահանդէսի ժապաւէնը կտրելէ ետք տեղի ունեցաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Հ.Օ.Մ.-ի քայլերգներու ունկնդրութիւն: Այնուհետեւ հայերէնով եւ արաբերէնով բացման խօսքը արտասանեց Լ.Օ.Խ.-ի Ձեռարուեստի յանձնախումբի ատենապետ Սօսէ Պոյաճեան: Ան նշեց, որ 2018-ն հարիւրամեակներու տարի է, եւ Հ.Օ.Մ.-ը արդէն կը թեւակոխէ իր երկրորդ 100-ամեակը: Ապա Սօսէ Պոյաճեան խօսեցաւ Ձեռարուեստի կեդրոնի գործունէութեան մասին եւ նշեց , որ ան տէր կը կանգնի իր կոչումին, գործ կը հայթայթէ կարիքաւոր ընտանիքներուն եւ եկամուտի աղբիւր է Լ.Օ.Խ.-ի ընկերային եւ առողջապահական ծրագիրներու յաջողութեան: Սակայն այս կեդրոնին մեծագոյն յաղթանակը կը կայանայ հայկական նուրբ ասեղնագործութեան արուեստը մոռացութենէ փրկելու աշխատանքին մէջ, որուն առանցքը հայ ժողովուրդի գոյատեւման աւիշը հանդիսացող մշակութային հայկական գանձերն են:

Սօսէ Պոյաճեան անդրադարձաւ նաեւ Լ.Օ.Խ.-ի նօսրացած շարքերուն, լիբանանահայուն դիմագրաւած տնտեսական-կրթական դժուարութեանց եւ քաղաքական անորոշութեան` շեշտելով, որ Լ.Օ.Խ.-ը բուռն կերպով կառչած կը մնայ ազգային աւանդութիւններուն` հանդէս գալով այս ցուցահանդէս-վաճառքով ամէնէն նուրբ մշակութային գանձերը ներկայացնելու նախաձեռնութեամբ:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին, Մեթնի գաւառապետ Մարլեն Հատտատին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանին, Ժէլ Էլ Տիպի քաղաքապետ Ռեմոն Աթիէին, Լ.Օ..Խ-ի Շրջանային Վարչութեան, Ալեք Եաւերեանին, «Վանլեան» հաստատութեան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին եւ բոլոր անոնց, որոնք սատար հանդիսացան այս ցուցահանդէսի յաջողութեան:

Ապա սրտի խօսք արտասանեց Մեթնի գաւառապետ Մարլեն Հատտատ: Ան գնահատեց ցուցահանդէսի ներկաները, որոնք շրջապատուած են պատկան մարմիններով, եկեղեցւոյ հովանաւորութեամբ: Ան յայտնեց, որ այսօրուան հաւաքը համախմբած է բոլորս մարդ արարած հասկացողութեան երդիքին տակ: Ձեր այսօրուան ներկայութիւնը նոյնինքն կ՛երաշխաւորէ մարդ անհատին արժեւորումը: Մարլեն Հատտատ արժեւորեց Լ.Օ.Խ.-ի առաքելութիւնը առհասարակ եւ Լ.Օ.Խ.-ի ձեռարուեստը գնահատող ներկաները` շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին: Ան բոլորը նկատեց երկրի վրայ երկնային ժպիտ մը: Խօսելով Լ.Օ.Խ.-ի ձեռարուեստի ցուցահանդէսի նպատակին մասին` ան, ըսաւ, որ դուք Յիսուսին փոխանցուելիք նուէրն էք տօնական այս օրերուն` նուիրեալ աշխատողներուն միջոցով հասնելու համար կարիքաւորին, աղքատին:

Իր խօսքը ուղղելով Լ.Օ.Խ.-ին` գաւառապետը նշեց, որ դուք առանձին չէք: Այսօր ձեր կողքին են քաղաքապետները, թաղապետները եւ հանրային հաստատութիւնները: Լ.Օ.Խ.-ի առաքելութիւնը ծառայութիւնն է, որուն ջատագովը մնացած է ան, շարունակելով ընթանալ իր ուղիէն, խօսքի սահմաններէն դուրս ելլելով եւ միշտ գործի ու պատնէշի վրայ մնալով: Մենք միշտ ձեր կողքին ենք: Շարունակեցէ՛ք ձեր մարդասիրական առաքելութիւնը: Իր խօսքի աւարտին, ան գնահատեց Լ.Օ.Խ.-ի գիտակից պարտաւորութիւնը, նշելով, որ այսօր նօսրացած են այսպիսի նուիրեալ հայուհիներու նախաձեռնութիւնները` կոչ ուղղելով ներկաներուն, որ իւրաքանչիւր անձ իրեն հետ բերէ անհատ մը, ընկեր մը` զօրացնելու համար Լ.Օ.Խ.-ը, որ լծուած է մարդասիրական առաքելութեան:

Հուսկ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի խօսքը արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան: Ան բոլորը ողջունեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին եւ իր անունով: Ան ուրախութիւն եւ հպարտութիւն յայտնեց, որ ընդհանրապէս այս թեմին մէջ հայութիւնը տակաւին կառչած է իր ակունքներուն, եկեղեցւոյ, մշակոյթին եւ նման ձեռարուեստի ցուցահանդէսներ կը կազմակերպէ: Ան նշեց, որ ազգի գոյութեան պատճառը եւ գրաւականը հաւատարիմ, անշահախնդիր եւ հաւատքով լեցուն կիներն են, որոնք նման մշակոյթի գործեր միշտ վառ կը պահեն, կը ցուցադրեն եւ իրենց հոգիի սէրը կ՛արտայայտեն իրենց հայրենիքին, ազգին ու մշակոյթին նկատմամբ: Լ.Օ.Խ.-ի առաքելութիւնը ծառայութիւնն է կարիքաւորին, երիտասարդներուն եւ ամբողջ լիբանանահայութեան: Ան քաջալերեց այս ցուցահանդէսին կազմակերպումը եւ յիշեցուց, որ մենք այն ազգն ենք, որ չենք սիրեր նահանջ ապրիլ մեր առաքելութեան մէջ, նշեց ան:

Հայր սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց Ձեռարուեստի յանձնախումբին, որ կրկին անգամ մտայղացաւ, իրագործեց եւ իր յաջողութեան հասցուց մեր մշակութային այս գանձերուն ցուցադրութիւնը, որպէսզի ժողովուրդը տեսնէ: Ան վստահութիւն յայտնեց, որ նոր անձեր պիտի գան եւ միանան Լ.Օ.Խ.-ի շարքերուն, որովհետեւ բռունցքը յաջողութեան եւ յաղթանակի նշան է: Այս ցուցահանդէսը պէտք է ծանօթացնենք նաեւ տեղացի եւ հայ մեր հայրենակիցներուն, որպէսզի հպարտանան մեր գանձերով եւ ապրին այդ գանձերը իրենց կեանքին մէջ, որովհետեւ մեր գանձերուն պահակները մեզմէ իւրաքանչիւրն են: Ան մաղթեց, որ այս ցուցահանդէսը իր կատարեալ յաջողութեան հասնի եւ ծառայէ իր ճիշդ նպատակին` կարիքաւոր ընտանիքներուն օգտակար դառնալու եւ հայ համալսարանականներուն փայլուն ապագայի երաշխաւորելու: Լ.Օ.Խ.-ի ներկայութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ կ՛ապահովէ մտքի հանգստութիւն:

Ապա ներկաները դիտեցին հոն ցուցադրուած հայկական ձեռագործներու գեղեցիկ զարդանախշերը եւ իրենց հիացմունքն ու գնահատանքը արտայայտեցին Լ.Օ.Խ.-ի ձեռարուեստի յանձնախումբին միջոցով Ձեռարուեստի կեդրոնին մէջ կատարուած հայկական ասեղնագործութեան պահպանման նուիրական աշխատանքին համար:

Share:

Tags: Law, Juggement, lawyer, Cases