News & Events

ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի Յանձնախումբը Հայկական Ձեռագործներու Ցուցահանդէսով Հանրութեան Ներկայացուց Հայ Ձեռարուեստի Գոհարները

Տարիներու աւանդութեան համաձայն, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Ձեռարուեստի յանձնախումբը, հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող անկայուն վիճակին, այս տարի եւս հանրութեան ներկայացաւ հայկական ձեռագործներու ցուցահանդէսով: Արդարեւ, երեքշաբթի, 17 դեկտեմբեր 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ սոյն ցուցահանդէսին բացումը կատարուեցաւ հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ ներկայութեամբ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վեքիլեանի, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ ձեռարուեստը քաջալերող խաչուհիներու:

ՀՕՄ-ի քայլերգին ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի յանձնախումբի ատենապետ Սօսէ Պոյաճեան: Ան յայտնեց, որ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Ձեռարուեստի յանձնախումբը, քաջ գիտնալով ու գիտակցելով հանդերձ Լիբանանի քաղաքական ու տնտեսական արտակարգ եւ անկայուն վիճակին, կառչած կը մնայ ազգային աւանդութիւններուն, որովհետեւ փորձուած է, որ երբ տեղի տանք մէկ անգամ, կարծէք սովորութիւն կը դառնայ, եւ օր մըն ալ մոռացութեան կը մատնուին անոնք: Սօսէ Պոյաճեան նշեց, որ աւանդութիւնները օղակաւոր շղթաներու կը նմանին, եւ երբ կը պատահի, որ այդ օղակներէն մէկը փրթի, նորոգելը շատ դժուար կ՛ըլլայ:

Մեր ազգային աւանդութիւնները սրբութիւններ են մեզի համար: Այս տարուան ցուցահանդէսը երկրին ծանօթ պայմաններուն բերումով ներքին ձեռնարկի բնոյթով կը ներկայացուի մեր ազգակիցներուն, որովհետեւ միայն ԼՕԽ-ականը եւ հայ կինը պէտք եղած պահուն կը զգենուն բարի սամարացիին զգեստը:

Սօսէ Պոյաճեան ըսաւ նաեւ, որ հաւատքն է, որ կամաւոր ԼՕԽ-ականները պահած է ու կը պահէ պատնէշի վրայ:

Իր խօսքի աւարտին Պոյաճեան շնորհակալութիւն յայտնեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, որ նեցուկ կանգնեցաւ այս ձեռնարկի յաջողութեան: Ան մաղթեց նաեւ, որ Նոր տարուան սեմին Լիբանանի մէջ խաղաղութիւնը վերահաստատուի:

Հուսկ, ներկաները դիտեցին հոն ցուցադրուած հայկական ձեռագործներու գեղեցիկ նմուշները եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի յանձնախումբին:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ այցելուներուն դիմաց այսօր` չորեքշաբթի, 18 եւ վաղը` հինգշաբթի, 19 դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:

Share:

Tags: Law, Juggement, lawyer, Cases