News & Events

Դասախօսութիւն

Երեքշաբթի, 12 Մարտ 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, «Եոլանտ Ճոմպալաքեան-Քերոբեան» սրտի ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը յատուկ տարեցներուն` ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» խոհանոցի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ:


Օրուան բանախօսն էր Հայր Աւետիք աբեղայ Տէր Կարապետեան, որ խօսեցաւ Քառասնօրեայ Մեծ պահքի իմաստին եւ կարեւորութեան մասին:


Ապա ծերունիները ասմունքով, երգերով եւ սրտի խօսքերով արտայայտեցին իրենց զգացումները:


Աւարտին ծերունիներուն այցելեց Լ.Օ.Խ.-ի «Արցախ» մասնաճիւղի վարչութիւնը:

Share:

Tags: Law, Juggement, lawyer, Cases