News & Events

Առողջ Ապրելակերպի Սեմինարներ  (Ա Սեմինար)

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբը Սովորական դասախօսական շարքերու կազմակերպման զուգահեռ կը նախաձեռնէ երիտասարդ մայրերու համար սեմինարներու շարք մը, անոնց մէջ յառաջացնելու առողջ ապրելաձեւի գիտակցութիւն, փոխանցելու հանրային, առողջապահական, հոգեբանական, տնային ընդհանուր եւ այժմէական գիտելիքներ, զաւակ- ծնողք փոխ յարաբերութեան մասին առողջ մտածումներ:

Յիշեալ սեմինարներուն նպատակն է երիտասարդուհիները գիտակից դարձնել, հեռու պահել զանոնք հիւանդութիւններէ եւ մոլութիւններէ հաւատալով, որ առողջ ընտանիքի հիմքը մօր դաստիարակութիւնն է: Ինչպէս նաեւ ստեղծել ընկերային մթնոլորտ, ծանօթացնել ԼՕԽ-ի լայնածաւալ աշխատանքը եւ ԼՕխ-ի երդիքին տակ իրարու ծանօթանալով նոր բարեկամութիւններ հաստատել:

Շարքին առաջին սեմինարը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 13 Փետրուար 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:

Բարի գալուստի խօսքէն ետք Երկու ժամ տեւողութեամբ սեմինարը ընթացաւ դաստիարակիչ եւ ընկերային մթնոլորտի մէջ:

Դոկտ. Անահիտ տէր Վարդանեան Քլուիքի խօսեցաւ ընկճուածութիւնը յաղթահարելու կերպերու մասին, եւ բնաբուժագէտ ( ֆիզիոթերափիստ) Ռազմիկ Ազէզեան խօսեցաւ խոկումի մասին (meditation):

Աւարտին ներկաներուն բաժնուեցան նուէրներ:

Share:

Tags: Law, Juggement, lawyer, Cases