News & Events

ԼՕԽ-ի "Անի" մասնաճիւղի վարչութիւնը Չորեքշաբթի, 30 Մարտ 2022-ին կազմակերպեց Ընկերային հանդիպում մը Ժտէյտիի “Անի” ակումբին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ -ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ` ընկհ. Սեւան Կարապետեան֊Ադամեանի եւ շուրջ 25 ընկերուհիներու ու համակիրներու։

Մասնաճիւղի ատենապետուհի` ընկհ. Լենա Մելքիսեթեան կատարեց ձեռնարկի Բացման խօսքը, բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնելով վարչական ընկերուհիներուն, որոնք մասնակից եղած էին սոյն ձեռնարկին յաջողութեան։ Ան ըսաւ, որ այս հաւաքը մեր խթանիչ ուժը պիտի ըլլայ յառաջիկային աւելի հաստատուն քայլերով մեր աշխատանքները կատարելու եւ միասնաբար անկարելին կարելի դարձնելու։

Ընկհ. Մելքիսեթեան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ մասնաճիւղի ընկերուհիներէն Հերա Սաղրեան֊Քիթապճեանին, որ սիրայօժար ստանձնած էր ձեռնարկի անուշեղէնի պատրաստութիւնն ու ծախսերը։

Մասնաճիւղին մօտ Շրջանային Վարչութեան կազմակերպական յանձնախումբի ներկայացուցիչ `
Ընկհ. Մարալ Յովհաննէսեան Հակիրճ ձեւով փոխանցեց միջինքի եւ Ս. Զատկուան սովորութիւնները, ապա տեղի ունեցաւ հարցում֊խաղ եւ ներկաները ստացան նուէրներ։

Կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ։ Վիճակաձգութենէն ետք ներկաները ուրախ տրամադրութեամբ մեկնեցան։

Share:

Tags: Law, Juggement, lawyer, Cases