Chapters

ԼՕԽի «Ն. Արտալճեան» Գրադարան Յանձնախումբ

Հայ աշակերտի կազմաւորման եւ դպրոցէն ներս ստացած գիտելիքներու ամրապնդման համար, 1995-ին կը հիմնուի «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանը։ Յանձնախումբի ջանքերով գրադարանը բաց է ամէն օր առանց ընդմիջումի, ամառ թէ ձմեռ մանուկներու եւ պատանիներու համար։

Զարգացնելու համար ընթերցանութիւնը պատանիին մօտ, ամրան գրադարանը կը դառնայ ընթերցարան եւ ամառնային պարտականութիւններու պատրաստութեան պահ։ Իսկ ձմրան դպրոցէն ետք կը դառնայ ուսուցչուհիի օգնութեամբ սերտողութեան վայր։

Share:

Tags: Law, Juggement, lawyer, Cases