Chapters

ԼՕԽի Առողջապահական Յանձնախումբ

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչը, իր հիմնադրութեան առաջին իսկ տարիներէն (1930), առաջնահերթ նկատած է հայ ժողովուրդի առողջապահական կարիքներուն հասնիլը եւ առ այդ դարմանատուներ հաստատած՝ գաղութի հայահոծ շրջաններուն մէջ։ Ժամանակի ընթացքին, ԼՕԽ-ի գործունէութիւնը աւելի արհեստավարժ հիմերու վրայ դնելու համար, յաջորդական շրջանային վարչութեան կազմերը կարիքը զգացած են յառաջացնելու մասնագիտական յանձնախումբեր, որպէսզի աջակցին շրջանային վարչութիւններու աշխատանքին։

Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան յառաջացուցած յանձնախումբերէն մէկն է, առողջապահականը։ 1995 թուականէն ի վեր, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Առողջապահական Յանձնախումբը սկսած է գործել ԼՕխ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերա-բժշկական Կեդրոնի (Ա.Պ.Ը.Բ Կ), նախազգուշական բաժանմունքին հետ եւ այդ արդիւնաւէտ գործակցութիւնը կը շարունակուի մինչեւ օրս։ Յանձնախումբը, իր բոլոր գործունէութիւնները կը ծրագրէ եւ կ’ իրագործէ «առողջ ապրելակերպ»ի գիտակցութիւն յառաջացնելու համար մեր ընկերութենէն ներս (awareness for healthy life style)։

Ցարդ սոյն նպատակով կատարուած են եւ կը կատարուին զանազան գործունէութիւններ. յիշենք անոնցմէ կարեւորագոյնները.-

  1. Բժշկական, հոգեկան եւ ընկերային նիւթեր շօշափող դասախօսական շարքեր շաբաթական դրութեամբ ինչպէս նաեւ կլոր սեղաններ ընտանիքի բոլոր անդամներուն համար։ Ա.Պ.Ը.Բ.Կ-ի «Թնճուկեան» սրահէն ներս եւ ԼՕԽ-ի տարբեր մասնաճիւղերու ակումբներէ ներս։
  2. Դասախօսական տարբեր շարքերու արձանագրութիւնը տեսաերիզներու վրայ եւ զանոնք՝ տրամադրուած ԼՕԽ-ի բոլոր մասնաճիւղերու վարչութիւններուն եւ անհատ փափաքողներուն։
  3. Առողջապահական գիտելիքներ եւ վիճակագրական տուեալներ պարունակող տարբեր գրքոյկներու եւ ուղեցոյց թերթիկներու պատրաստութիւն։
  4. Շտապ Օգնութեան եւ նախնական դարմանումի (First Aid) վերաբերեալ խտացեալ դասընթացքներ,Գաղութիս տարբեր,կազմակերպութիւններու,միութիւններու, վարժարաններու եւ…..
  5. Որոշ հիւանդութիւններու կանխարգիլման եւ կանուխ յայտնաբերման համար կատարուող արշաւներ։
  6. Երիտասարդական գիտաշխատանոցներ՝ (Workshop) ալքոլի եւ թմրամոլութեան դէմ պայքարելու համար յանձնառու անձերու պատրաստութեան համար, (կրթական եւ միութենական հաստատութիւններու եւ կազմերու երիտասարդութեան ուղղուած)։
  7. Առողջ սեռային դաստիարակութիւն ջամբելու համար կազմակերպուած դասախօսական շարքեր հայկական վարժարաններէ,պատանեկան,երիտասարդական միութիւններէ ներս։ Վերեւ յիշուած բոլոր աշխատանքները կը միտին սատարել, անհատին Ֆիզիքական , մտային եւ հոգեկան առողջութեան ինչպէս նաեւ հայ ընկերութեան բարելաւման։

Share:

Tags: Law, Juggement, lawyer, Cases