Chapters

ԼՕԽի Այծեմնիկ Մասնաճիւղ

Այս արիասիրտ հայ կնոջ՝ Այծեմնիկի անունը կապուած է 1126 թուականին Անի քաղաքի պաշտպանութեան համար մղուած հերոսական կռիւներուն:

Այս շրջանին Փատլուն ամիրան մեծ զօրքով եկաւ եւ պաշարման ենթարկեց Անին, որուն հայ բնակչութիւնը ոտքի ելաւ իր սիրելի քաղաքը պաշտպանելու համար:

Ըստ Սամուէլ Անեցի պատմիչին տեւած է ամբողջ տարի մը եւ մահ ու աւեր սփռած՝ ամբողջ Շիրակ գաւառին մէջ: Մայրաքաղաքի բնակչութիւնը եւս ահաւոր սովի մատնուած է: Սամուէլ Անեցի պատմիչին վկայութեամբ այդ կռիւներուն մէջ աչքի զարկած է հայուհի մը «Այծեամ անուն» որ արիասիրտ կանգնած պարիսպին վրայ կը պատերազմէր:

Ի վերջոյ երկարատեւ պատերազմը մեծ աւեր կը գործէ թէ Անի քաղաքի բնակչութեան եւ թէ շրջակայքի անպաշտպան ժողովուրդին: Անիի պաշտպանութեան համար մղուած կռիւներու ընթացքին հերոսուհիի մահով զոհուած է Այծեմնիկը:

Հիմնուած է 1935-ին , Արշակ Չամալեանի ներկայութեան: Հիմնուած է Թրիփոլիի ( Լիբանանի հիւսիսը ) քաղաքին մէջ:

Հիմնադիր վարչութեան կազմը կը ներկայացնէ հետեւեալ պատկերը՝ Նուարդ Փափազեան, Նազելի Հարմանտայեան, Մարի Սրապոնեան, Նուարդ Չուպաքճեան, Մարգրիտ Ուրֆալեան, Սրբուհի Կիւլվարդեան, Եղիսաբէթ Ալպարեան, Հնազանդ Չուքատարեան, Սաթենիկ Սիմոնեան, Եղիսաբէթ Մանուկեան, Աղաւնի Պէլեան, Լուսին Թելճանեան, Զապէլ Սահակեան եւ Սիրանոյշ Չամքերթենեան:

Կը գործէ « Նաւասարդ » ՀՅԴ ակումբին մէջ:

Թրիփոլիի մէջ կը գտնուի « Ս. Հոգեգալուստ» եկեղեցին, որուն կից ՝ Ազգային Նուպարեան –խրիմեան վարժարանը :

Share:

Tags: Law, Juggement, lawyer, Cases