News & Events

Շնորհաւորագիր` «Ազդակ»-ի 95-ամեակին Առիթով

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի շրջանային վարչութիւնը կու գայ ջերմօրէն շնորհաւորելու «Ազդակ» օրաթերթի 95-ամեակը` մաղթելով բեղմնաւոր գործունէութիւն, յարատեւ վերելք եւ նորանոր յաջողութիւններ ու նուաճումներ:

«Ազդակ»-ը հիմնադրութեան օրէն մինչեւ այսօր եղած է ու կը մնայ Լիբանանի, սփիւռքի, ինչպէս նաեւ հայրենիքի մէջ գործող բոլոր միութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն շաղկապը:

Այս առիթով

Read more
ԼՕԽ-ի «Հռիփսիմէ-Սասունի» մասնաճիւղի մտերմիկ հաւաք

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Հռիփսիմէ-Սասունի» մասնաճիւղի վարչութեան, Չորեքշաբթի, 30 Մարտ 2022-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Ֆանարի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ մտերմիկ հաւաք, ներկայութեամբ ՀՅԴ «Է.Ակնունի» կոմիտէի ներկայացուցիչ` ընկ. Րաֆֆի Տէմիրճեանի, ԼՕԽ-ի շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ` ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի եւ Ս. Երրորդութիւն մատրան հոգեւոր հովիւ` Տէր Միքայել Քհնյ. Տէմիրճեանի։

«Տէրունական աղօթք»-էն

Read more

ԼՕԽ-ի "Անի" մասնաճիւղի վարչութիւնը Չորեքշաբթի, 30 Մարտ 2022-ին կազմակերպեց Ընկերային հանդիպում մը Ժտէյտիի “Անի” ակումբին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ -ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ` ընկհ. Սեւան Կարապետեան֊Ադամեանի եւ շուրջ 25 ընկերուհիներու ու համակիրներու։

Մասնաճիւղի ատենապետուհի` ընկհ. Լենա Մելքիսեթեան կատարեց ձեռնարկի Բացման խօսքը, բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն

Read more
ԼՕԽ-ի

ԼՕԽ-ի "Սեւան" մասնաճիւղի վարչութիւնը Երեքշաբթի, 29 Մարտ 2022-ին կազմակերպեց նախաճաշ մը Ճիւնիի ՀՄԸՄ-ի սրահին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ -ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ` ընկհ. Մարալ Երէցեանի եւ շուրջ 80 ընկերուհկներու եւ համակիրներու։ 

Մասնաճիւղի ատենապետուհի` ընկհ. Սիլվա Խաչերեան 2 լեզուներով կատարեց ձեռնարկի Բացման խօսքը,բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն

Read more
ԼՕԽ-ի

ԼՕԽ-ի "Նայիրի" մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած ընկերային հանդիպումը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 29 Մարտ 2022-ի, "Աղբալեան" Համալիրի "Հուրի Պապիկեան" սրահին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ` ընկհ. Թալին Ուրիշեանի։

Օրուան պատգամը փոխանցեց ճիւնիի "Սուրբ Յարութիւն" եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ` Տէր Սարգիս Աւագ քահանայ Սարգիսեան, որ ներկայացուց Մեծ Պահոց շրջանի

Read more
Լ.Օ.Խ.-ի

Լ.Օ.Խ.-ի "Կարս" մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած ընկերային հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 29 Մարտ 2022-ի առաւօտեան, "Ազատամարտ" ակումբի "Չուխատարեան" սրահին մէջ, ներկայութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ` ընկհ.Սիլվա Կիւլտալեանի։

Լ.Օ.Խ.-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք ընկհ. Ալիս Սէքսէնեան բարի գալուստ եւ հաճելի ժամանց մաղթեց ներկաներուն:

Ընկհ. Տօրիս Գարամանուկեան կարդաց Վահան Տէրեանի

Read more
ԼՕԽ-ի

ԼՕԽ-ի "Աղթամար" մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբի կազմակերպած "Քարաօքէ" երեկոն տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 25 Մարտ 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7։00-ին, կեդրոնի սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ` ընկհ. Ազատիկ Տաղլեանի։

Ձեռնարկի Բացման խօսքը արտասանեց ընկհ. Լոռի Կէօքճեան։

Ներկաները, յանձնախումբի ընկերուհիներու ճարտար ձեռքերով պատրաստուած ճոխ սեղաններու շուրջ, իրենց առօրեայ մտահոգութիւնները

Read more
ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի «Գարնանային ձեռնարկը»

ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի «Գարնանային ձեռնարկը» տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 25 Մարտի 2022-ին, «Գարեգին Նժդեհ» ակումբին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սարին Յարութիւնեանի:

ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ ընկհ. Արաքսի Գըլըճեան, ըսելով .- «Անցեալին մեր մասնաճիւղը կը կազմակերպէր «Պահքի պազար», ուր մեր

Read more

ԼՕԽ-ի "Արազ" (Պաուշրիէ) մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած ընկերային հանդիպումը տեղի ունեցաւ 22 Մարտ 2022-ին, "Սօսի Մարտիկեան" սրահին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան մասնաճիւղի ներկայացուցիչ` ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի։

Շրջանի ընկերուհիները մեծ խանդավառութեամբ իրենց մասնակցութիւնը բերին ճաշերու պատրաստութեան։

Ճոխ մթնոլորտին մէջ եղան սրտաբուխ նուիրատութիւններ։ Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն։ Ներկաները ուրախ

Read more
«Կարինէ» մասնաճիւղի Ընկերային հանդիպում

Լ. Օ. Խ.-ի «Կարինէ» մասնաճիւղի Ընկերային հանդիպումը տեղի ունեցաւ Շաբաթ,19 Մարտ 2022-ին, «Ս. Թեհլիրեան» ակումբի սրահին մէջ։

Օրուան պատգամը փոխանցեց հգշն. Տ. Աւետիք Աբղ. Տէր Կարապետեան։

Ատենապետուհիէն անկախ, խօսք առաւ կոմիտէի հրաւիրեալ ընկերը, տեղի ունեցան զանազան խաղեր, ուր ներկաները աւելի մօտէն ծանօթացան Լ. Օ. Խ.-ի մասնաճիւղերուն։

Read more
ԼՕԽ. Դասախօսութիւն` Բռնածաղրի Եւ Անոր Հետեւանքներուն Մասին

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Առողջապահական յանձնախումբը եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին կազմակերպութեամբ, երեքշաբթի, 15 մարտ 2022-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Բռնածաղր» (Bullying) նիւթով դասախօսութիւնը:

ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէ ետք յանձնախումբի ատենապետ  Զարմիկ Յովսէփեան արտասանեց բացման խօսքը,  շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, իրենց քաջալերանքին

Read more
ԼՕԽ-ի  <<Վ. Տէկիրմենճեան>> խոհանոց

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան <<Վ. Տէկիրմենճեան>> խոհանոցի յանձնախումբը կը շարունակէ իր մարդասիրական առաքելութիւնը, շաբաթական միօրեայ դրութեամբ Տաք Ճաշ հայթայթելով լիբանանաբնակ կարիքաւոր ընտանիքներու։

Ուրբաթ, 11 Մարտ 2022-ին, Խոհանոցի օճախները փոխարինուեցան նորերով շնորհիւ բարերարի մը նուիրատուութեան

Read more

ԼՕԽ-ի "Արագած" մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած ընկերային հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 11 Մարտ 2022-ին, առաւօտեան ժամը 10։00-ին, "Ս. Գալայճեան" սրահին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան մասնաճիւղի ներկայացուցիչ` ընկհ. Մարալ Երէցեանի։ ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, վարչութեան ատենապետուհի` ընկհ. Նուրիձա Դանիէլեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա հրաւիրեց քահանայ հայրը

Read more
ՀՕՄ-ի «Ամանոր Ծրագիր»

ՀՕՄ-ի «Ամանոր Ծրագիր»էն յատկացում կը ստանան մեր շրջանէն Թռչնոց Բոյնը, ՔԱՀԼ ծերանոցը եւ Զուարթնոց Կեդրոնը։ Չորեքշաբթի, 1Մարտ 2022-ին, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութիւնը այցելեց ՔԱՀԼ ծերանոց եւ Զուարթնոց Կեդրոն, ծանօթացման հանդիպումներ ունենալու տնօրէններուն հետ եւ յանձնելու ՀՕՄ-ի «Ամանոր Ծրագիր»ի իւրաքանչիւրին յատկացումը։

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան հաստատութիւններու դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ

Read more
ԼՕԽ-ի Դաստիարակչական Յանձնախումբի Առցանց Դասախօսութիւններ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, դաստիարակչական յանձնախումբը կազմակերպեց երկու առցանց դասախօսութիւններ` 8 եւ 18 փետրուար 2022-ին: Առաջինը նուիրուած էր Կիներու միջազգային օրուան, դասախօսն էր Արշօ Պալեան` նիւթ ունենալով «Քաղաքականացած հայ կինը»: Ան իր խօսքը սկսաւ` շեշտելով, որ կինը օրական դրութեամբ պէտք է արժեւորել եւ կարեւորել, որովհետեւ ան

Read more
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Հինգշաբթի, 27 Յունուար 2022-ի առաւօտուն, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը, ընկերակցութեամբ Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վէքիլեանին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէնուհիին, այցելութիւն մը տուաւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, հայցելու իր օրհնութիւնը։

Շրջանային Վարչութիւնը ներկայացուց վարչութեան ծրագիրները, անդրադարձաւ հայ կարիքաւոր մանուկներու եւ

Read more
Միջ-Վարչական ժողով

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան միջ-մասնաճիւղային Ա.ժողովը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2021-ին, առաւօտեան ժամը 10։00-ին, Ազգ. Միացեալ վարժարանի սրահին մէջ, ներկայութեամբ մասնաճիւղերու վարչական ընկերուհիներու։

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ` ընկհ. Սիլվա Սապունճեան կատարեց Շրջանային Վարչութեան փոխանցումները։ Կազմակերպական յանձնախումբի ատենապետ` ընկհ. Մարալ Յովհաննէսեան խօսեցաւ <<Ատենապետի եւ Ատենադպիրի դերեր>>ուն մասին։

Read more
Հանդիպում Ամէլ կազմակերպութեան հետ

Ընդառաջելով "Ամել" (عامل) միջազգային կազմակերպութեան հրաւէրին, Երեքշաբթի, 28 Սեպտեմբեր 2021֊ին, ԼՕԽ֊ի Շրջանային Վարչութեան դիւանը եւ "Արաքսի Պուլղուրճեան" ընկերաբժշկական Կեդրոնի տնօրէնուհին այցելեցին Մըսէյթպէի "Ամել" Կեդրոնը եւ հանդիպում ունեցան կազմակերպութեան հիմնադիրին՝ Տոքթ. Գամել Մհաննայի, Կեդրոնի տնօրէնութեան եւ անձնակազմին հետ։

Հանդիպման ընթացքին Տոքթ.Մհաննա ներկայացուց կազմակերպութեան 42 ամեայ գործունէութիւնն ու

Read more
ԼՕԽ-Ի «ՌՈՒԲԻՆԱ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ 70-ԱՄԵԱԿ

 

Չորեքշաբթի, 12 Դեկտեմբեր 2018-ին, ԼՕԽ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղին, հիմնադրութեան 70-ամեակը նշուեցաւ, ,White Towerե ճաշարանին մէջ:

Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Վարդուհի Գաթրճեան իր բացման խօսքով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ըսաւ, որ 70 տարիներ առաջ, նուիրեալ ընկերուհիներու անխոնջ աշխատանքով ու ճիգով հիմնուած «Ռուբինա» մասնաճիւղը գոյատեւեց,

Read more
Ռազմիկ Ազէզեան Դասախօսեց «Լիբանանի Ներկայ Իրադարձութիւններու Հակազդեցութիւնը Մարդուս Ներաշխարհին Վրայ» Նիւթը

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Առողջապահական յանձնախումբին Չորեքշաբթի, Յունուար 2020-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ ներկայացուեցաւ դասախօսութեանց Բ. շարքին երկրորդ նիւթը:

ՀՕՄ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Առողջապահական յանձնախումբին անունով ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան: Ան նշեց,

Read more
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

Երկուշաբթի, 30 Դեկտեմբեր 2019-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս այցելութիւն մը տուաւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն, ուր զինք դիմաւորեցին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան,

Read more
Լ.Օ.Խ.-ի Մանուկները Տօնական Ուրախ Մթնոլորտի Մէջ Տօնեցին Կաղանդը

Շաբաթ, 28 Դեկտեմբեր 2019-ին ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տօնական եռուզեռ կը տիրէր: Երաժշտութիւն, մանուկներու խայտանքի ճիչեր  պարուրած էին Կեդրոնը: Արդարեւ, ԼՕխ-ի «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանի եւ «Ալեքսան եւ Արաքսի Գըլպաշեան» Կազդուրման կայանի աշակերտները փութացած էին կեդրոն` ամանորեան անմոռանալի եւ ուրախ պահեր անցընելու, ներկայութեամբ

Read more
Ընկերային Բարօրութեան Նախարարի Այցելութիւնը

Ընկերային Բարօրութեան նախարարի պաշտօնակատար՝ Ռիշար Գույումճեան այսօր, 27 Դեկտեմբեր 2019-ին, այցելեց «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն եւ հանդիպում ունեցաւ Շրջանային Վարչութեան հետ։

Այցելութեան ներկայ էին Պետական Երեսփոխան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Նելլի Վեքիլեան:

Read more
Լ.Օ.Խ.-ի Մանուկները Տօնական Ուրախ Մթնոլորտի Մէջ Տօնեցին Կաղանդը

Բարերարութեամբ պրն. Շանթ Գլպաշեանին, այսօր Լ.Օ.Խ.-ի « Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեան» կազդուրման կայանի եւ «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանի փոքրիկները հաճելի ժամեր անցուցին «Նուռ» ճաշարանին մէջ, ուր համտեսեցին հայկական ճաշեր եւ ունեցան անակնկալ ճոխ պահեր:

Read more
Պուլղուրճեան ընտանիքի այցելութիւն

Հինգշաբթի, 26 Դեկտեմբեր 2019-ին, "Ա. Պուլղուրճեան" ընկերաբժշկական կեդրոնի բարերարներու ներկայացուցիչ՝ Տիկ. Սալբի Պուլղուրճեան-Սիմիթեան
այցելեց "Վ.Տէկիրմէնճեան" խոհանոցի տարեցներուն, որոնց հետ հաճելի ժամանց ունեցան։


Բարերարները, Նոր Տարուան առիթով, տարեցներուն ապահովեցին նաեւ ուտեստեղէնի ծրարներ։

Read more
Բարերարի Այցելութիւն

Հինգշաբթի, 26 Դեկտեմբեր 2019-ին, "Վարդուհի Տէկիրմէնճեան" խոհանոցի բարերար՝ Տիար Պերճ Կիւլպէնկեան այցելեց «Եոլանտ Քերոբեան-Ճոմպալաքեան» Սրտի ճաշարան եւ հանդիպում ունեցաւ խոհանոցի տարեցներուն հետ, անցնելով  հաճելի ժամեր:


Read more
Նոր տարուան տօնակատարութիւն «Եոլանտ Քերոբեան-Ճոմպալաքեան» սրտի ճաշարանին մէջ

Հինգշաբթի, 19 Դեկտեմբեր 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, «Վարդուհի Տեկիրմէնճեան» խոհանոցի եւ «Եոլանտ Քերոբեան-Ճոմպալաքեան» սրտի ճաշարանի 90 ծերունիները միասնաբար տօնեցին իրենց Նոր տարին եւ ուրախ ժամեր անցուցին։ Ձեռնարկին ներկայ էին Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան եւ յանձնախումբի ընկերուհիները :
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ օրուան հանդիսավար Մարալ Վարդապետեան

Read more
ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի Յանձնախումբը Հայկական Ձեռագործներու Ցուցահանդէսով Հանրութեան Ներկայացուց Հայ Ձեռարուեստի Գոհարները

Տարիներու աւանդութեան համաձայն, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Ձեռարուեստի յանձնախումբը, հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող անկայուն վիճակին, այս տարի եւս հանրութեան ներկայացաւ հայկական ձեռագործներու ցուցահանդէսով: Արդարեւ, երեքշաբթի, 17 դեկտեմբեր 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ սոյն ցուցահանդէսին բացումը կատարուեցաւ հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային

Read more
Քարոզչական Յանձնախումբի «Կամաւորներու Օր»-ը Անգամ Մը Եւս Լուսարձակի Տակ Առաւ ԼՕԽ-ի Առաքելութիւնը

ԼՕԽ-ի կամաւոր ծառայողներու նուիրուած երախտագիտական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 14 Դեկտեմբեր 2019-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ: Սոյն ձեռնարկին ներկայ էր Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վեքիլեան, Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Մարտիկ Արսլանեան, ԼՕԽ-ի

Read more
Տոքթ. Կարապետ Չպուքճեան Դասախօսեց «Երակներու ընդլայնում» (varice)» Նիւթը

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Առողջապահական յանձնախումբին Չորեքշաբթի, 4 Դեկտեմբեր 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ մեկնարկը կատարուեցաւ դասախօսութեանց Բ. շարքին:

ՀՕՄ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Առողջապահական յանձնախումբին անունով ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան: Ան նշեց,

Read more
ԼՕԽ-Ի «ՇՈՒՇԱՆԻԿ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ  70-ԱՄԵԱԿ


Հինգշաբթի, 29 Նոյեմբեր 2018-ին, «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Սարգիս Ազնաւուրեան» սրահին մէջ, ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղին, նշեց իր հիմնադրութեան 70-ամեակը:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Նայիրի Ընգապապեան իր բացման խօսքով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, անդրադարձաւ շրջանի ԼՕԽ-ի 70-ամեայ  գործունէութեան, անխոնջ աշխատանքին,

Read more
ՅԱՍՄԻԿ ԴԱՆԻԷԼ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ  «ԻՆՉՊԷ՞Ս ԴԻՄԱԳՐԱՒԵԼ ՃՆՇՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆԸ» ՆԻՒԹԸ

Շաբաթ, 16 նոյեմբեր 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, շահեկան դասախօսութիւն մը տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ: Օրուան դասախօսն էր վարուելակերպի հարցերու մասնագէտ Յասմիկ Դանիէլ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամ Նազելի Աւագեան: Ան յայտնեց, որ մեր

Read more
ՀՕՄ-ի 72-րդ Համահայկական Պատգամաւորական Ժողովը Աւարտեց Իր Աշխատանքները

Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) համահայկական 72-րդ Պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ 7-11 հոկտեմբեր 2019-ին, Մոնրէալի մէջ, Քանատա` մասնակցութեամբ 21 երկիրներէ ժամանած 47 պատգամաւորներու եւ ընթացաւարտ Կեդրոնական վարչութեան անդամներու, հիւրերու, քոյր միութիւններու եւ յանձնախումբերու ներկայացուցիչներու, կեդրոնական գրասենեակի անձնակազմին եւ 140 ունկնդիր ընկերուհիներու:

Ժողովի մեկնարկի նախօրեակին, կիրակի, 6 հոկտեմբեր  2019-ին,

Read more
Նախազգուշական Արշաւ

Կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի Առողջապահական յանձնախումբին, գործակցութեամբ Iyamed դեղի ընկերութեան, ոսկորափտութեան (Օsteoporosis) նախազգուշական արշաւ մը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 22 Մայիս 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ, Լ.Օ.Խ.-ի ԱՊԸԲ կեդրոնէն ներս, որմէ օգտուեցան յանձնախումբին կազմակերպած դասախօսութիւններուն ներկայ գտնուող անձերը:


ներկայ էին դեղի ընկերութեան ներկայացուցիչները եւ ԱՊԸԲ կեդրոնէն տոթք.

Read more
Լ.Օ.Խ.-ի Ննջեցեալ Բարերարներու Եւ Անդամուհիներու Հոգիներուն Համար Հոգեհանգիստ

Շաբաթ, 27 Ապրիլ 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ համախմբուեցան Լ.Օ.Խ.-ի առաքելութեան հաւատացող հաւատաւոր անդամներ` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու մարդասիրական մեծ կազմակերպութեան` Լ.Օ.Խ.-ի ճամբով իրենց անմնացորդ լուման եւ ծառայութիւնը ներդրած ննջեցեալ բարերարներուն եւ անդամներուն:

Արդարեւ, հոգեհանգստեան պաշտօնին նախագահեց եւ յաւուր պատշաճի

Read more
Յարգանքի տուրք հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութիւնը իր յարգանքի տուրքը մատուցեց հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, 24 Ապրիլ ծաղկեպսակ զետեղելով Անթիլիասի մայրավանքի ցեղասպանութեան զոհերու մատրան առջեւ

24 Ապրիլ 2018-ին առաւօտուն Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ոգեկոչուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակը:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ Ս. պատարագ մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ

Read more
Ս.Զատկուայ Տօնը «Եոլանտ Ճոմպալաքեան-Քերոբեան» Սրտի Ճաշարանին Մէջ

Ս.Զատկուան տօնին առիթով «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» խոհանոցի յանձնախումբը կազմակերպեց յատուկ հաւաք շաբաթական երկու օրերու դրութեամբ ճաշ ստացող տարեցներուն համար: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի,17 Ապրիլ 2019-ին, «Եոլանտ Ճոմպալաքեան-Քերոբեան» սրտի ճաշարանին մէջ: Մթնոլորտը ճոխացուց Մարալ Վարդապետեան: Ծերունիները ասմունքով, երգերով եւ սրտի խօսքերով արտայայտեցին իրենց զգացումները:


Տեղի

Read more
Ատենապետներու Ժողով - Հանդիպում

Հինգշաբթի, 4 Ապրիլ 2019-ին , ժամը 12:00–ին, կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային վարչութեան տեղի ունեցաւ ատենապետուհիներու ժողով – հանդիպում, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ: Հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցաւ մասնաճիւղերը յուզող հարցերը: տեղի ունեցաւ գաղափարներու փոխանակում, որու աւարտին կատարուեցան շինիչ առաջարկներ մասնաճիւղերու յառաջիկայ աշխատանքներու գծով:

Read more
Միջ-Մասնաճիւղերու Վարչական Բ. Ժողով

Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային վարչութեան միջ-մասնաճիւղային երկրորդ ժողովը տեղի ունեցաւ 4 Ապրիլ 2019-ին , առաւօտեան ժամը 10:00–ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ մասնակցութեամբ մասնաճիւղերու վարչական ընկերուհիներուն:

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիլվա Սապունճեան բարի գալուստ մաղթեց ընկերուհիներուն եւ կատարեց Շրջանային Վարչութեան փոխանցումները:

Ժողովէն ետք, տեղի ունեցաւ ատենապետուհիներու

Read more
Տոքթ. Խաչիկ Փանոսեան Ներկայացուց «Լսողութեան Խանգարումներ Եւ Գլխապտոյտի Պատճառներ» Նիւթը

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին կազմակերպած դասախօսական շարքին տասներորդ դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 3 ապրիլ 2019-ին, «Լսողութեան խանգարումներ եւ գլխապտոյտի պատճառներ» նիւթով:

ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսք կատարեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը, որ անդրադարձաւ ականջի դերին ու կարեւորութեան, նաեւ` անոր

Read more
Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Քարոզչական Յանձնախումբին. Մանուկներու Միջազգային Օրուան Հանդիսաւոր Նշում

Ուրբաթ, 22 մարտ 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահը արտասովոր եռուզեռի մէջ էր: Հայկական վարժարաններու հարիւրաւոր աշակերտներ փութացած էին սրահ` մասնակցելու Մանուկներու միջազգային օրուան տօնակատարութեան: Այս իւրայատուկ հանդիսութիւնը կազմակերպած էր ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբը: Հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ

Read more
Դասախօսութիւն

Երեքշաբթի, 12 Մարտ 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, «Եոլանտ Ճոմպալաքեան-Քերոբեան» սրտի ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը յատուկ տարեցներուն` ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» խոհանոցի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ:


Օրուան բանախօսն էր Հայր Աւետիք աբեղայ Տէր Կարապետեան, որ խօսեցաւ Քառասնօրեայ Մեծ պահքի իմաստին եւ կարեւորութեան մասին:


Read more

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Յարաբերական Յանձնախումբ. Տարեկան Ճաշկերոյթի Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ը լիբանանահայ գաղութի պատմութեան թէ՛ դժնդակ եւ թէ՛ լաւ օրերուն միշտ պատնէշի վրայ եղած է ու իր առաքելութիւնը կատարելապէս իրագործած` հասնելով լիբանանահայութեան ծով կարիքներուն: Սակայն այս առաքելութիւնը թերաւարտ ու կիսատ պիտի մնար, երբ իրեն նեցուկ կանգնող բարերարներն ու ԼՕԽ-ի առաքելութեան հաւատացող մարդիկ իրենց անմնացորդ լուման չզետեղէին

Read more
Առողջ Ապրելակերպի Սեմինարներ  (Ա Սեմինար)

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբը Սովորական դասախօսական շարքերու կազմակերպման զուգահեռ կը նախաձեռնէ երիտասարդ մայրերու համար սեմինարներու շարք մը, անոնց մէջ յառաջացնելու առողջ ապրելաձեւի գիտակցութիւն, փոխանցելու հանրային, առողջապահական, հոգեբանական, տնային ընդհանուր եւ այժմէական գիտելիքներ, զաւակ- ծնողք փոխ յարաբերութեան մասին առողջ մտածումներ:

Յիշեալ սեմինարներուն նպատակն է երիտասարդուհիները գիտակից

Read more
Շաղիկ Կոկոնեան-Չամիչեան Ներկայացուց «Ուղեղի Կաթուածէ Ետք Խօսելու Վերականգնման Միջոցներ» Նիւթը

Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին կազմակերպած դասախօսական շարքի վեցերորդ դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 6 Փետրուար 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին: Օրուան նիւթն էր` «Ուղեղի կաթուածէ ետք խօսելու վերականգնման միջոցներ»:

Հ.Օ.Մ.-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբի բացման խօսքէն ետք, հրաւիրուեցաւ ուղղախօսութեան մասնագէտ (speech therapy) Շաղիկ

Read more
Սօսի Պալեան Ներկայացուց «Առողջապահական Կարգ Մը Հարցերու Բարոյական Գնահատականը» Նիւթը

Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին կազմակերպած դասախօսական շարքին հինգերորդը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 30 Յունուար 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին: Օրուան նիւթն էր` «Առողջապահական կարգ մը հարցերու բարոյական գնահատականը»:

Հ.Օ.Մ.-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբի բացման խօսքէն ետք, հրաւիրուեցաւ հիւանդապահուհի Սօսի Պալեանը` ներկայացնելու իր նիւթը:

Read more
Տոքթ. Յովհաննէս Թասլաքեան Դասախօսեց «Հայ Դատը Երէկ Եւ Այսօր» Նիւթը

Հովանաւորութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի դաստիարակչական յանձնախումբին, Երկուշաբթի, 28 Յունուար 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին դասախօսական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ:

Հ.Օ.Մ.-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք դաստիարակչական յանձնախումբին անունով բացման խօսք կատարեց Զեփիւռ Չափարեան անդրադարձաւ դասախօսութեան նիւթին եւ լուսարձակի տակ

Read more
Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան. Գինեձօն` ԼՕԽ-ի 26 Մասնաճիւղերու Պատմականը Բովանդակող «Մեր Պատմութիւնը» Հատորին

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, շաբաթ, 26 յունուար 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի 26 մասնաճիւղերու պատմականը բովանդակող «Մեր պատմութիւնը» հատորին գինեձօնը:

Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի

Read more
Տոքթ. Էլիօ Քէշիշեանը Ներկայացուց «Մորթի Տարիքային Փոփոխութիւններ» Նիւթը

Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին կազմակերպած դասախօսական շարքին չորրորդ դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 23 Յունուար 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին: Օրուան նիւթն էր` «Մորթի տարիքային փոփոխութիւններ»:

Հ.Օ.Մ.-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբի բացման խօսքէն ետք ,Տոքթ. Էլիօ Քէշիշեանը իր դասախօսութիւնը սկիզբը ըսաւ, որ երբ

Read more
«Վարդուհի Տեկիրմենճեան» Խոհանոցի Տարեցներու Յատուկ Նոր Տարուան Հաւաքը

Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով եւ համաձայն իր աւանդութեան, Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» խոհանոցի յանձնախումբը Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան յատուկ հաւաք կազմակերպեց շաբաթական երկու օրերու դրութեամբ ճաշ ստացող տարեցներուն համար: Այս եզակի հաւաքը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 20 Դեկտեմբեր 2018-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, «Արաքսի

Read more
Տոքթ. Էտի Րագուպեան Ներկայացուց «Տարեկան Անհրաժեշտ Տարրալուծարանային Քննութիւններ» Նիւթը

Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին կազմակերպած դասախօսական շարքին երրորդ դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ 19 Դեկտեմբեր 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին: Օրուան նիւթն էր` «Տարեկան անհրաժեշտ տարրալուծարանային քննութիւններ»:

Հ.Օ.Մ.-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբի անունով բացման խօսքէն ետք, հրաւիրուեցաւ տարրալուծարանագէտ տոքթ. Էտի Րագուպեանը` ներկայացնելու իր նիւթը:

Read more
Զաքար Քէշիշեան Դասախօսեց «Հայաստանի Երկրաշարժին 30-Ամեակ»ին Առիթով

Հովանաւորութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի Դաստիարակչական յանձնախումբին, Հայաստանի երկրաշարժի 30-ամեակին առիթով, Երկուշաբթի, 17 Դեկտեմբեր 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, յատուկ դասախօսական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ:

Հ.Օ.Մ.-ի քայլերգին ունկնդրութենէն ետք, կարճ տեսերիզ մը ցուցադրուեցաւ Հայաստանի ահաւոր երկրաշարժին վերաբերեալ, որմէ

Read more
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 128 ամեակ

ՀՅԴ 128-ամեակին առիթով ` կիրակի, 9 դեկտեմբեր 2018-ին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան ՀՅԴ պանթէոնին դիմաց ՀՅ Դաշնակցութեան նահատակուած եւ մահացած ընկերներու յիշատակին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որուն նախագահեց Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան: Հոգեհանգստեան արարողութեան յաջորդեց ծաղկեպսակներու զետեղում: Ծաղկեպսակներ զետեղեցին ՀՅԴ

Read more
«Կամաւորներու Օր»ուայ Առիթով Արժանի Յարգանք Ընծայուեցաւ Բազմահարիւր Լ.Օ.Խ.-ականներուն

Մարդկային ընկերութեան մէջ կան ծառայութիւններ, որոնք այս կամ այն ձեւով կը նպաստեն հաւաքականութեան մը կամ ժողովուրդի մը բարօրութեան: Հայ ժողովուրդի պարագային այս ծառայութիւնը առաւել եւս շեշտուած է Լ.Օ.Խ.-ի ճամբով, որ իր բազմահարիւր կամաւորներու փաղանգով կը հասնի ժողովուրդի կարիքներուն, յատկապէս տագնապալի եւ թէժ օրերուն: Արդ, մարդասիրական այս

Read more
Դոկտ. Անահիտ Տէր Վարդանեան – Քուլուիքի Ներկայացուց «Ընկճուածութիւն Եւ Տարիքային Տրամադրութեան Փոփոխութիւն» Նիւթը

Կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին, Չորեքշաբթի, 5 Դեկտեմբեր 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին տեղի ունեցաւ երկրորդ դասախօսութիւնը, որուն նիւթն էր` «Ընկճուածութիւն եւ տարիքային տրամադրութեան փոփոխութիւն»:

Հ.Օ.Մ.-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսք արտասանեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը: Ան նշեց, որ առողջ, ուրախ

Read more
Լ.Օ.Խ.-ի Ձեռարուեստի Յանձնախումբի Հայկական Ձեռագործներու Ցուցահանդէսը

Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած եւ հայկական մշակոյթով հարուստ հայ ժողովուրդի զաւակները սփիւռքի մէջ իրենց գոյատեւման պայքարը չեն սահմանափակած լոկ դպրոցներ, եկեղեցիներ եւ ակումբներ հիմնելով: Հայկական գաւառներու մշակոյթն ու արուեստը, բարքերը, նկարագիրը, մէկ խօսքով` մեր պապենական ազգային ժառանգութիւնը վառ պահուած են հայ ժողովուրդի յիշողութեան մէջ: Արդ, այստեղ առանձնակի

Read more
Տոքթ. Կարապետ Չպուքճեան Ներկայացուց «Թոքերու Քրոնիք Խցանում» Նիւթը

Կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին, Չորեքշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին մեկնարկը կատարուեցաւ դասախօսութեանց շարքին:

Հ.Օ.Մ.-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբի անունով ներկաները ողջունեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը` նշելով, որ Լ.Օ.Խ.-ի յանձնախումբերուն մէջ ներարուած են երիտասարդ ուժեր, ինչ որ Լ.Օ.Խ.-ի առաքելութիւնը

Read more
Միջ-Մասնաճիւղերու Վարչական Ա. Ժողով

Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային վարչութեան միջ-մասնաճիւղային առաջին ժողովը տեղի ունեցաւ մասնաճիւղերու վարչութիւններու ընտրութիւններէն ետք 25 Հոկտեմբեր 2018-ին , առաւօտեան ժամը 10:00–ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ մասնակցութեամբ մասնաճիւղերու վարչական ընկերուհիներուն:

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիլւա Սապունճեան բարի գալուստ մաղթեց ընկերուհիներուն եւ բացատրեց, թէ հանդիպումի նպատակն է

Read more
Կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան. Տարեցներու Միջազգային Օրուան Հանդիսաւոր Նշում

14 Դեկտեմբեր 1990-ին, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին կողմէ 1 Հոկտեմբերը հռչակուեցաւ Տարեցներու միջազգային օր: Այս օրուան նշումին նպատակն է տարեց մարդիկը արժեւորել` կեանքի զոհողութեամբ ընտանիք կազմած եւ սերունդներ դաստիարակած իրենց նուիրական առաքելութեան համար: Ասոր վրայ կ՛աւելնայ նաեւ ընկերութեան մէջ իրենց ունեցած անկիւնադարձային դերը եւ ներդրումը: Պատմութիւնը վկայ

Read more
Լ.Օ.Խ.ի 59-րդ Պատգամաւորական Ժողովը

Լ.Օ.Խ.ի 59-րդ Պատգամաւորական Ժողովը գումարուեցաւ երկու օրերու ընթացքին, Ուրբաթ 6 Յուլիս եւ Շաբաթ 7 Յուլիս 2018-ին, ,Արաքսի Պուլղուրճեանե ընկերաբժշկական կեդրոնի ,Թնճուկեանե սրահին մէջ, քննարկումի առարկայ դարձնելով ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան երկամեայ գործունէութիւնը եւ առաջարկներ ներկայացնելով նորընտիր վարչութեան:


Պատգամաւորական ժողովին ներկայ գտնուեցան Լ.Օ.Խ.-ի 26 մասնաճիւղերու 75 պատգամաւորներ,

Read more