News & Events

Համաշխարհային Ա. Պատերազմը ընդհանրապէս և 1915-ին Հայ ժողովուրդին հանդէպ գործադրուած եղեռնը մասնաւորապէս , ամէնուրէք ստեղծած էին ահաւոր պայմաններ , հետեւաբար աշխարհի չորս ծագերուն հիմնուեցան ՀՕՄ-ի միաւորներ միեւնոյն կարիքէն, և ընդգրկեցին գործունէութեան առաւել կամ պակաս միեւնոյն դաշտերը՝ առողջապահական կրթական, խնամատարական, սննդաբաշխումի թէ գաղթականներու տեղաւորում,այդպէս ալ եղաւ Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի կազմաւորումը :

1918 -1929 թուականներուն Սուրիա և Լիբանան պետական մէկ միաւոր ըլլալով կը գործէին միասնաբար , սակայն քաղաքական և գաղթականներու թիւի կրկնապատկումի պատճառներով 1929-1930 ԼՕԽ-ը կ՛անջատուի սուրիայէն և կը դառնայ առանձին միաւոր , շարունակելով իր նիւթական և բարոյական հաշուետուութիւնը ներկայացնել Հալէպի մէջ գումարուած պատգամաւորական ժողովներուն իր ներկայացուցիչներով, մինչեւ 1938: 2 Յունիս 1930-ը անկիւնադարձ մը կ՛ըլլայ Լիբանանահայութեան համար՝ Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի առաջին մասնաճիւղի Պէյրութի առաջին վարչութեան նշանակումով, այսպիսով վերջ կը դրուի իբրեւ Սուրիոյ մէկ շրջանը գործելու իրավիճակին: Պէյրութի մասնաճիւղը՝ այժմ « Մեղրի » մասնաճիւղ, եղաւ ԼՕԽ-ի մայր մասնաճիւղը , որ իր սկզբնական տարիներուն տարաւ շրջանային վարչութեան մը համազօր գործունէութիւն:Ապա հիմը դրուեցաւ , Սիսի «Ազիրեան» ՝1933, Թրիփոլիի «Այծեմնիկ»՝1935, Հայաշէնի «Հայաշէն»՝1937, Էշրեֆիէի՝«Կարս» 1938, Զահլէ Շթորայի«Շուշի»՝1940, Ճիւնիի «Սեւան՝» 1941, Այնճարի «Աղթամար»՝ 1943, Մարաշի «Աշխէն»՝ 1946, Նորաշէնի «Ռուբինա»՝1948, Թրատի«Շուշանիկ»՝ 1948,Արագածի «Արագած»՝1950, Ամանոսի «Կարինէ»՝1956, Անթիլիասի «Նայիրի»՝1962, Մար Մխայէլի «Աստղիկ»՝1963, Մար Եուսէֆի «Անահիտ»՝1966, Ժիպէյլի «Սօսէ»՝1967, Ֆանարի «Հռիփսիմէ Սասունի»՝1973, Նահր ըլ Մոթի«Անի»՝1973,Սէտ էլ Պաուշրիէի «Արազ»՝1975,

Պէյթ Գոգոյի«Գայեանէ»՝1977, Զալքայի «ԱղաւնիՓափազեան»՝1980 և Ռաուտայի «Հեղուշ Փափազեան»՝ 1980 մասնաճիւղերը: Աւելի ուշ , Ռապիէի «Արցախ»՝ 1991, Հազմիէի «Զուարթնոց»՝ 1991, Տըքուէնիի «Ջաւօ Շանթ»`1984, մասնաճիւղերը:

ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերու անուններու ընտրութիւնը պատահական չէ եղած .անոնք կը ներկայացնեն պատմական թէ ներկայ Հայաստանի ու Արցախի քաղաքներու անունները, ինչպէս նաեւ մեր ազգային եւ ԼՕԽ-ի պատմութեան մէջ իրենց դրոշմը թողած նուիրեալներու անունները որոնց հետքերով կը ներշնչուին մեր շարքերը:( Անուններու պատմականը տեսնել իւրաքանչիւր մասնաճիւղի յատուկ բաժինին մէջ:)

1938-ին Հալէպի մէջ գումարուած պատգամաւորական ժողովին կ՛որոշուի , որ Լիբանան ունենայ իր առանձին Շրջանային Վարչութիւնը և 1939-ին տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի Օգնութեան Խաչի պատգամաւորական անդրանիկ ժողովը , որ կ՛ընտրէ նոր շրջանի առաջին Շրջանային Վարչութիւնը՝ այս վերջինին մաս կը կազմեն Ջաւօ Շանթ ,Լոլա Սասունի,Ուրֆալեան, Կ.Աշճեան,Ս.Սվաճեան.Գ. Գիւզելեան և բժիշկ Օ. Կէրկէրեան:

1935-ին Հոկտեմբեր 22-ին թիւ 2013 հրամանագրով ԼՕԽ- ը կը ստանայ պետական ճանաչում եւ վաւերացում իսկ 1987-ին պետական թիւ 3773 հրամանագրով կը հռչակուի տուրքէ զերծ իբրեւ հանրօգուտ՝(d՛utilité publique ) կազմակերպութիւն:

1939-ին ԼՕԽ-ի առաջին Շրջանային վարչութիւնը իր օրհնութիւնը կը ստանայ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Սահակ Բ Կաթողիկոսէն, Վեհափառ Հայրը մեծ պահքի ուրբաթ օրը կը հռչակէ Ծոմապահութեան օր՝թելադրելով այն օրը հանգանակութեամբ սատարել ԼՕԽ-ի ծրագիրներուն յաջողութեան:

1945-ին այդ հանգանակութեան համար կ՛որոշուի «Պնակ մը կերակուր» անունը:

Մինչեւ 1940 թուականը Լիբանանի Օգնութեան Խաչի վարչութիւնները եղած են երկսեռ: Հեղուշ Փափազեանի,ԱղաւնիՓափազեանի, Ջաւօ Շանթի, Լոլա Հռիփսիմէ Սասունիի կողքին գործած են Խորէն Սուքիասեան,Տիգրան Մաւիսագալեան,Տոքթ. Մելքոն Հայրապետեան,Տոքթ.Գէորգ Կէտիկեան, Տոքթ.Ս. Սուքիասեան,Ղազար Չարըք,Սահակ Վահրամ,Մինաս Հազարեան,

Գառնիկ Գիւզէլեան,Եդուարդ Տարօնեան,Տոքթ.Օննիկ Կէտիկեան որոնք փոխն ի փոխ մաս կազմած են Օգնութեան Խաչի վարչութիւններուն:

1940-ին յարմար կը նկատուի ,որ Օգնութեան Խաչը դառնայ զուտ կանացի կազմակերպութիւն:Սկզբնական շրջանին ունենալով մօտ 500 երկսեռ անդամներ, ներկայիս այդ թիւը բարձրացած է մինչեւ 4000-ի :

Share:

Tags: Law, Juggement, lawyer, Cases